ԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն:

Այսպէս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՚աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամենէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման, որ կապ կ՚ապահովէ «Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չավուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը շատ կարեւոր է ամբողջ տարածաշրջանի տեսանկիւնէն:

Շտապողականութիւն կը նկատուի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութեան մէջ: Այստեղ, ի տարբերութիւն Անգարայի «քաղաքակիրթ» ոճին՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակման կարեւորութիւնը շեշտելու, Պաքուի յայտարարութեան մէջ կայ սպառնալիք: «Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք վրէժխնդրական (ռեւանշիստական) ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ»:

Ատրպէյճանական այս յոխորտանքի առաջին բաժինը կը կապուի Անգարայի շտապողականութեան՝ միջանցք բանալու: Նոյնն է առաջադրանքը: Սահմանազատումն ու սահմանագծումը թուրքեւատրպէյճանական հայեցողութեամբ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ցամաքային միացումն է: Երկու ուղղութեամբ կը շարունակեն ճնշել Երեւանի վրայ:

Թուրքեւատրպէյճանական այս շտապողականութիւնը չէզոքացնողը, ըստ Պաքուի (հետեւաբար նաեւ՝ Անգարայի), ընդդիմութիւնն է: Աւելի յստակ ընկալումով՝ թուրանական կամրջումը կասեցնողը: Երբ կ՚ըսուի, որ այս գործընթացը ձգձգելու համար Հայաստանը պիտի զղջայ, եւ անմիջապէս կը հիմնաւորուի, թէ Պաքուն մօտէն կը հետեւի վրէժխնդրական ուժերու գործողութիւններուն, պարզապէս պատասխանատուութիւնը կը բարդուի Դիմադրութեան շարժումին վրայ:

Պետականամէտ մտածողութիւնը, եթէ կը նկատէ, որ թուրքեւատրպէյճանական շտապողականութիւնը եւ թուրանական կամուրջի կառուցումը չի բխիր հայկական շահերէն, ապա պիտի համոզուի բողոքի գործողութիւններուն օգտակարութեան: Որքան կայանան այդ գործողութիւնները, որքան զանգուածայնանայ շարժումը, այնքան կը պակսի թուրանական կամուրջի կառուցման հաւանականութիւնը: Այս հասկացողութեամբ պէտք է ընկալել նաեւ Դիմադրութեան շարժումի յայտարարութիւնը, որ միջազգային ընտանիքը համոզուեցաւ, որ ժողովուրդը պատրաստ չէ միակողմանի զիջումներու:

Թուրանական կամուրջի առաջադրանքը ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Թուրքիոյ նախագահին բանբերը կը հիմնաւորէր Ռուսաստանի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն չմիանալու իր պետութեան կեցուածքը: Պարզ է. Անգարան տակաւին Մոսկուայի հետ համակարգելի խնդիրներ ունի, որոնց շարքին՝ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը՝ ամենէն հրատապ կարգով ապաշրջափակումը:

Այս կեցուածքին համահունչ է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը, թէ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահական ձեւաչափը կազմալուծուած է, թէկուզ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ոչ կառուցողական դիրքորոշումներուն պատճառով: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ հիմնախնդիրին կարգաւորման համար ըստ էութեան կը գործէ Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւնը:

Լաւրովի յայտարարութեան միջավայրը յատկանշական է անշուշտ. տակաւին պարզ չէ, թէ Մոսկուան թուրքեւատրպէյճանական շտապողականութեան տեղի տալու շարժառիթ ունի՞, թէ՞ ոչ: Անգարան տակաւին սկանտինաւեան երկիրներու՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դէմ վեթոյի խաղաթուղթեր ունի: Մինչ այժմ սակայն չէ ստացած ռուսական համաձայնութիւն՝ սուրիական տարածքներու վրայ քրտական զինեալ խումբերու դէմ լայնածաւալ գործողութիւններ սանձազերծելու: Ո՛չ ալ իր առաջադրած «միջանցք»ը բանալու:

Հայ քաղաքական միտքը պիտի մտածէր, որ դիմադրական շարժումի զանգուածայնացումը պիտի նպաստէր այդ կամուրջի կառուցումը արգելակելուն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022