ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակին։ Այսպէս, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Իտալիա Միջկառավարական յանձնաժողովի գագաթը, որու ծիրէն ներս կազմակերպուած բանակցութիւնները գլխաւորուեցան Էրտողանի եւ Տրակիի կողմէ։ Նախագահ Էրտողան պաշտօնական արարողակարգով դիմաւորեց վարչապետ Տրակին։ Բանակցութիւններէն վերջ անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան համաշխարհային ուժանիւթի եւ պարէնի տագնապը։ Ասուլիսին ժամանակ նախագահ Էրտողան նշեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ երկու շաբաթը շատ նուրբ նշանակութիւն ունի՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի միջանցքի ծրագիրը կեանքի կոչելու առումով։ Ընդգծելով այս հարցին կարեւորութիւնը՝ Էրտողան յայտնեց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ շփումները կը շարունակուին։ «Հացահատիկի համաշխարհային շուկայ հասնիլը խնդրոյ առարկայ է։ Մենք կը փափաքինք երկու ղեկավարին միջնորդը ըլլալ եւ այս մէկը ՄԱԿ-ի երդիքին տակ իրականացնել։ Պիտի փորձենք արդիւնքի մը հասնիլ շուրջ տասն օրուայ ընթացքին», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Տրակին ալ մատնանշեց, որ Թուրքիոյ ջանքերը արժանի են դրուատիքի։

Երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ 9 փաստաթուղթ ստորագրուեցաւ՝ երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման նպատակով։ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա-Իտալիա առեւտուրի ծաւալը պիտի գերազանցէ 25 միլիառ տոլարի շեմը։

Էրտողան եւ Տրակի կանգ առած են նաեւ գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Զանոնք ետ մղելու ուղղեալ քայլեր կ՚առնուին Յունաստանի կողմէ եւ Էրտողանի խօսքով՝ այս հանգամանքը Եւրոպայէ անդին սկսած է վտանգաւոր դառնալ Իտալիոյ տեսակէտէ։ Արդարեւ, ետ մղումները պատճառ կը դառնան, որ անկանոն գաղթականները ապաստան փնտռեն Իտալիոյ մէջ։ «Մենք առանց ետ մղելու կը ցուցաբերենք մեր հնարաւոր ջանքերը եւ կը ջանանք այդ մարդիկը ծովէն հաւաքել», ըսաւ Էրտողան։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022