ՇԱՄԽԱՆԻԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով՝ այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Գրիգորեան եւ Շամխանի կը վարեն բանակցութիւններ։ Օրուան տեւողութեան բարձրաստիճան հիւրը կ՚ընդունուի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Թեհրան այս շրջանին բաւական աշխուժացած է տարածաշրջանի դիւանագիտական երթեւեկին մէջ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան վերջերս այցելեց Անգարա, իսկ աւելի վերջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Յառաջիկայ օրերուն Թեհրանի մէջ նախատեսուած է նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը։

Մինչ այդ, յայտարարուած է նաեւ, որ յուլիսի 19-ին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ պիտի այցելէ Թեհրան, ուր Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ պիտի քննարկէ տարածաշրջանային հարցեր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022