ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԻՍՏԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­տեա­նի նիստ, գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Ընդ­հան­րա­պէս չորս հար­ցեր ընդգր­կուած էին ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ։ Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «Կ՚եր­գենք Կո­մի­տաս» հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին զե­կու­ցեց «Իմ Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Է. Ե­սա­յեան։ «Կ՚եր­գենք Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին տա­րես­կիզ­բէն ի վեր, մշա­կուած են սփիւռ­քեան խում­բե­րու՝ փա­ռա­տօ­նի մաս­նակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը։ 25-27 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ փա­ռա­տօ­նը, ո­րու պի­տի մաս­նակ­ցի տասն­հինգ մե­նա­կա­տար՝ աշ­խար­հի տասն եր­կիր­նե­րէն։ Եզ­րա­փա­կիչ հա­մեր­գին հան­դէս պի­տի գայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բը, Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Այդ ձեռ­նար­կը նա­խա­տե­սուած է Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ։

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ի­րա­ւա­բա­նա­կան վար­չու­թեան պետ Ա. Ա­միր­զա­դեան ներ­կա­յա­ցուց այս տա­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին ի­րա­ւա­կան կամ տա­րաբ­նոյթ հար­ցե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ նա­խա­րա­րու­թեան մօտ կա­տա­րուած զա­նա­զան դի­մում­նե­րը եւ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ ի­րենց նկա­տառ­ման յանձ­նուած խըն-դիր­նե­րու քննար­կում­նե­րը, լուծ­ման ջան­քե­րը։ Զե­կու­ցո­ղը կա­րե­ւո­րեց կրթա­կան, գի­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջարկ­նե­րու դրա­կան ա­ճը։

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի հա­մա­հայ­կա­կան, մի­ջազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ հա­շուե­տուու­թիւն մը ներ­կա­յա­ցուց Կ. Սարգ­սեան, որ կը գլխա­ւո­րէ յի­շեալ վար­չու­թիւ­նը։

Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող «Մեր մե­ծե­րը» ծրագ­րին մէջ 2016 թուա­կա­նին ընդգր­կուե­լիք ա­նուն­ներն ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ա­տեա­նի նիս­տին ըն­թաց­քին։ Այս մա­սին զե­կու­ցեց նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու վար­չու­թեան պետ Գ. Կան­չու­մեան։ Ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ յա­ջորդ տա­րի ծրագ­րին նե­րառ­նել Սրբու­հի Տիւ­սա­բը (175-ա­մեակ), Վա­հէ Հայ­կը (120-ա­մեակ), Գրի­գոր Խան­ճեա­նը (90-ա­մեակ), Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նը (150-ա­մեակ) եւ Գրի­գոր Զօհ­րա­պը (155-ա­մեակ)։ Այս բո­լոր ա­նուն­ներն ալ հաս­տա­տուե­ցան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն կող­մէ։

Ամ­փո­փե­լով նիս­տը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ձեռք­բե­րում­նե­րուն ու բաց­թո­ղում­նե­րուն։ Ան կա­րե­ւո­րեց սերտ կապն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Սփիւռ­քի բո­լոր հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն հետ եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թեան վար­չու­թիւն­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ու հա­մա­կար­գուած աշ­խա­տան­քին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015