ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ այս օրերուն Անգարայի մէջ կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց նպատակն է համաձայնութեան հասնիլ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու հարցին շուրջ։ Այս մթնոլորտին մէջ թրքական կողմը սկսած է յաճախ բարձրաձայնել նաեւ, որ յառաջատար դերակատարներու հետ փոխադարձ ըմբռնումի մը չհասնելու պարագային՝ սեփական նախաձեռնութեամբ գործողութիւններու պիտի սկսի։

Ուրեմն, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի զինուորական պատուիրակութիւններու Անգարայի բանակցութիւնները երէկ սկսան այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։ Սուրիոյ հիւսիսին կը ծրագրուի համակարգուած ձեւով ստեղծել անվտանգ գօտի մը եւ այս նպատակին շուրջ կը բանակցին կողմերը։ Օրուան սկիզբին կատարուած այս յայտարարութիւններէն վերջ, յետմիջօրէին Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ամերիկացի զինուորական իրաւասուներու հետ քննարկումները կը շարունակուին այսօր։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թուրքիա եւ ԱՄՆ վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրնար հասնիլ, որովհետեւ տարակարծութիւններ ունին այդ անվտանգ գօտիի խորութեան շուրջ։ Թուրքիա շուրջ 30-40 քիլօմեթր խորութիւն կը նախատեսէ այդ գօտիին համար, իսկ ԱՄՆ այդ գօտիին համար կը նախատեսէ շուրջ 15 քիլօմեթր խորութիւն։ Բաց աստի, ամերիկեան կողմը յարմար կը դատէ այդ անվտանգ գօտիին հակակշիռը յանձնել միջազգային համախոհութեան։

Թրքական եւ ամերիկեան կողմերը միջոցէ մը ի վեր սոյն նիւթին շուրջ կը պնդեն այս տեսակէտներուն վրայ։ Թուրքիա դէմ է այս պարագային, որովհետեւ կը պնդէ, որ եթէ իր հակակշռին ներքեւ չգտնուի՝ ապա անվտանգ գօտիէն ներս պիտի շարունակուի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի գոյութիւնը։ Թրքական կողմը կը պահանջէ նաեւ, որ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ին տրուած բոլոր զէնքերը հաւաքուին։

Մինչ այդ, ամերիկեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ ներկայ բանակցութիւններուն։ «The Washington Post» թերթի վերլուծութեամբ, այս բանակցութիւնները կը համարուին վերջին հնարաւորութիւնը, որպէսզի ամերիկեան կողմը կարողանայ կանխել Թուրքիոյ ռազմական առանձին գործողութիւնները դէպի Սուրիոյ հիւսիսը։

Հարկ է նշել, որ վերջին 12 օրերուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկրորդ անգամ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան համապատասխան օրակարգով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019