ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ։ Ան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ժամանակ ունեցաւ այդ ելոյթը։ Փաշինեանի հետ բեմահարթակի վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովներու նախագահները, կառավարութեան անդամներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նկատի ունենալով, որ այսօր Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ Համահայկական խաղերու բացումը՝ երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ համախմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հոծ թիւով մարդիկ։ Այդ խանդավառ մթնոլորտին մէջ Նիկոլ Փաշինեան արտասանեց իր ճառը, որու ընթացքին անդրադարձաւ համահայկական օրակարգի զանազան խնդիրներուն եւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն։ Ան կանգ առաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։  «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին ժամանակ։

Հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ համահայկական ամենագլխաւոր քոնսենսիւսը կը համարուի Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին նպատակը։ Իր խօսքով՝ այդ նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած ազատամարտի արդիւնքներու պաշտպանութիւնը։ Բանակցութիւններու արդիւնքով՝ Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն համար ընդունելի համարուելիք որեւէ լուծում կրնայ ընդունելի դիտարկուիլ միայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովրդական հաւանութեան պարագային։

Բաց աստի, հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորումը Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի եւ իրենք լիարժէքօրէն նուիրուած են հարցի խաղաղ կարգաւորման տրամաբանութեան։ «Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը մեր զինեալ ուժերու մարտունակութեան շարունակական բարձրացման միջոցաւ մեզի համար կը մնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն», ըսաւ Փաշինեան։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019