ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ դիմագրաւել լուրջ մարտահրաւէրներ։ Երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքին ստեղծուած կացութիւնը իսկապէս մտահոգիչ է եւ այդ խնդիրներու յաղթահարման համար Անգարա կը յղանայ որոշ լուծման առաջարկներ։ Այս ծիրին մաս կը կազմէ Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման հարցը։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտի այս նպատակին, սակայն, հակառակ դիւանագիտական բոլոր ջանքերուն, տակաւին կարելի չէ եղած շօշափելի արդիւնքի մը հասնիլ։ Միջազգային յառաջատար դերակատարներէն Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ միշտ հաւասարակշռութիւն մը կ՚որոնէ Թուրքիան՝ Սուրիոյ վերաբերեալ նախաձեռնութիւններու պարագային։ Նոյնը ի զօրու է Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի ստեղծման որոնումներուն շուրջ։ Կարճ ժամանակ առաջ յայտնի դարձած էր, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ լիարժէք փոխըմբռնման մը հասնիլ հնարաւոր չ՚ըլլար այս հարցին շուրջ՝ մինչ Ռուսաստանի զօրակցութեամբ Սուրիոյ կառավարական ուժերն ալ սաստիկ յարձակումները կը շարունակեն Իտլիպի վրայ։ Եփրատի արեւելքին անվտանգութեան գօտիի ստեղծման խնդրին շուրջ Թուրքիա ներկայիս հակուած է ԱՄՆ-ի հետ աշխատելու։

Այս իրավիճակին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ան երէկուան դրութեամբ ժամկէտ մը նշեց անվտանգ գօտիի ձեւաւորման համար։ Այսպէս, Թուրքիա յարմար կը նկատէ, որ մինչեւ ամսավերջ ստեղծուի այդ անվտանգ գօտին։ Էրտողանի խօսքով՝ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Թուրքիոյ եւ իր երկխօսներու նախընտրութիւններուն միջեւ շատ լուրջ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին՝ անվտանգ գօտիի հարցին շուրջ։ «Սեպտեմբերի վերջին շաբաթին Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակով գործնականօրէն շարժման անցնելու ուղղութեամբ վճռակամ ենք։ Մեր բոլորին համար ամենանախընտրելի ճանապարհն է, որ այս քայլը առնենք մեր ամերիկացի բարեկամներուն հետ», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահ Էրտողան ազդարարութիւններ ուղղեց նաեւ գաղթականաց հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա հոծ թիւով սուրիացիներու ապաստան տուած է երկար տարիներէ ի վեր։ Իտլիպի վրայ կատարուած յարձակումները եւ Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի ձեւաւորման յապաղումը գաղթականաց նոր ալիքի մը վտանգը կը սպառնայ Անգարային։ Այս իրավիճակին մէջ Էրտողան հերթական անգամ քննադատեց ԵՄ-ը եւ յիշեցուց, որ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չէ ցուցաբերուած թրքական կողմին։ «Եթէ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէք, ապա ցուցաբերեցէք։ Այլապէս բնաւ մի՛ նեղանաք։ Այս բեռը միայն մե՞նք պիտի կրենք։ Դուք ալ անգամ մը տեսէք, թէ ինչպէս կը տարուի այս բեռը։ Մեր հիւրընկալած ապաստանեալներու բեռը թեթեւցնելու պարագային՝ ԵՄ-ի գլխաւորութեամբ, անհրաժեշտ աջակցութիւնը չենք ստացած աշխարհէն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այդ աջակցութիւնը ապահովելու համար Թուրքիա կրնայ պարտաւորուիլ բանալու իր դռները՝ որպէսզի սուրիացի ապաստանեալները ուղղուին դէպի այլուր։ Միւս կողմէ, Էրտողանի երէկուան յայտարարութիւններէն վերջ Եւրոմիութիւնը տեղեկացուց, որ հաւատարիմ կը մնայ գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնութեան։ ՄԱԿ-ի կողմէ ալ կոչ ուղղուեցաւ Թուրքիոյ հետ զօրակցութեան համար։

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019