ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

2021-2022 կրթական շրջանը սկսաւ այս առաւօտեան առաջին զանգով։ Թէեւ բազմաթիւ վարժարաններու մէջ դասաւանդութիւնը արդէն սկսած էր, սակայն, կրթական շրջանի բացման համար յայտարարուած պաշտօնական թուականը այս օրն է։ Պոլսահայ վարժարաններէն ներս ալ հնչեց առաջին զանգը։ Սա նոր փուլ մըն է, որ կը բնորոշուի մէկ կողմէ յոյսերով, իսկ միւս կողմէ մտահոգութիւններով։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով աւելի քան տարիէ մը ի վեր երես առ երես ուսուցումը կանգ առած էր ստիպողականօրէն, ինչ որ արդար մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնար նոր սերունդի հեռանկարային պատրաստութեան տեսակէտէ։ Հիմա այդ առումով յառաջացած բացը հաւասարակշռելու հնարաւորութիւնը ստեղծուած է։ Յամենայնդէպս, օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ համաճարակի վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Ուրեմն, այս հակասութիւնները կը բնորոշեն ներկայ վերամուտի միջավայրը։

Մինչ այդ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերամուտի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, որով բոլորին մաղթած է բարի վերամուտ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը։

*

Վերամուտ է կրկին: Դպրոցական տարի մը եւս սկսաւ եռուզեռով եւ նոր յոյսերով:

Աւելի քան տարի մը համավարակի յառաջացուցած պայմաններու ստիպումով մեր կրթական յարկերը գործեցին հեռակայ դը-րութեամբ։ Ուսուցիչներ իրենց աշակերտներուն հետ չկրցան դէմ առ դէմ հանդիպում ունենալ։ Այսօր, թէեւ համավարակը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը գործել, սակայն մխիթարական է, որ վարժարաններ իրենց դռները կը բանան, առիթ ընծայելով դասարաններու մէջ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հանդիպման։

Ինչպէս ամէն վերամուտի կ՚անդրադառնանք, մեր համայնքային բոլոր վարժարանները նուիրական գործունէութիւն կը ցուցաբերեն, յանձն առնելով մեծ զոհողութիւններ, թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական։ Մեր զաւակները այս կրթական յարկերուն մէջ կրնան պատրաստուիլ եւ այդ պատրաստութիւնը կարեւոր հանգրուան մը կրնայ ըլլալ իրենց ապագայի կերտման ճանապարհին։

Սիրելի կրթական մշակներ,

Կը գնահատէք, թէ ներկայ դարուս մէջ որքան կարեւոր է գիտութիւնը եւ ուսմամբ զարգացումը։ Դուք բոլորդ նուիրական պարտականութիւն ունիք մեր սիրասուն աշակերտներուն փոխանցելու այն գիտելիքները, որոնք դարեր շարունակ աւանդուած են սերունդէ սերունդ։ Մեր աշակերտները կը պատրաստուին Կրթական նախարարութեան կրթական համակարգի ծրագիրներուն համաձայն, որոնց մէջ մեր վարժարանները կարելիութիւնն ու իրաւունքը ունին ուսուցանելու մեր մայրենին եւ Քրիստոնէական կրօնի գիտելիքները եւս։ Վստահ ենք, թէ այս կարելիութիւնը լաւագոյնս պիտի օգտագործէք, միշտ ի մտի ունենալով համայնքին ու բարերարներու յանձն առած նիւթական աջակցութիւնները, որպէսզի մեր համայնքային վարժարանները գոյատեւեն։

Սիրելի աշակերտներ,

Ահաւասիկ, նոր շրջան մը եւս սկիզբ կ՚առնէ։ Գալեցէք աշխատասիրութեամբ, կարգապահութեամբ, կրթական մշակներու նկատմամբ հնազանդութեամբ, ցուցաբերելով՝ օրինակելի աշակերտի առողջ կեցուածք։ Ժամանակը արժեւորեցէք, ձեր ուսումնական կեանքի ամէն մէկ պահը օգտագործեցէք զարգանալու համար։ Ուսումնական շրջանին ձեր ստացած գիտելիքները լաւ ամբարեցէք ձեր մտքերուն մէջ։

Կը շնորհաւորեմ համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու իրաւունք շահած ուսանողները եւ իրենց ծնողները։ Անոնք պտուղներն են համայնքային վարժարաններու կրթական մշակներու ջանասիրութեան։

Կը մաղթեմ, որ Տիրոջ օրհնութեամբ 2021-2022 ուսումնական շրջանը բոլորենք խաղաղօրէն: Աղօթենք առ Աստուած միասնաբար, որպէսզի Իր Ս. Աջի հովանին տարածէ մեր կրթական յարկերուն վրայ, կարողութիւն պարգեւէ դաստիարակներուն՝ տնօրէն ու ուսուցչաց կազմերուն ու աշակերտներուն։ Մեր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք իրենց զաւակները համայնքային կրթական յարկերուն վստահած ծնողներուն։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ իրենց։ Տէր Աստուած իր անսահման օրհնութիւնները առատացնէ վարժարաններու մատակարար վարչութիւններու նուիրեալ ծառայողներուն, բարերարնե-րուն ու համայնքային վարժարաններու զօրակից միու-թիւններու վարչութիւններուն եւ անդամներուն վրայ։

Հայրական օրհնութեամբ եւ օրհնաբեր տարիի մը մաղթանքներով կ՚ողջունեմ ձեր բոլորը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021