ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԵՄԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս երէկ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ բացուեցաւ հայկական 4-րդ փառատօնը, որ կազմակերպուած է թեմին կողմէ։ Այս նախաձեռնութիւնը արդէն աւանդական դարձած է, ձեւաւորուած են նախընթացները։ Փառատօնի բացումը տեղի ունեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի համալիրէն ներս։

Ներկայ էին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Փարիզի 8-րդ թաղամասի քաղաքապետ Ժանն տ՚Օթսեր, 9-րդ թաղամասի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Սիլվեն Մայար, Փարիզի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ֆրանսահայ յայտնի համայնքային գործիչ Ալեքսի Կէօվսեան եւ այլք։

Հայաստանի դեսպանութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ փառատօնի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան հայկական երաժշտական ու պարային խումբեր։ Հայկական խոհանոցն ու արուեստն ալ ներկայացուած էին բազմաթիւ տաղաւարներով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021