«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի 60-ամեակը՝ Փարիզի Ուսանողական Ոստանին Մէջ

«Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը կը տօ­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-րդ տա­րե­դար­ձը Փա­րի­զի Cité Universitaire-ի հայ­կա­կան եւ փոր­թու­գա­լա­կան ու­սա­նո­ղա­կան տու­նե­րուն մէջ բա­ցուած զու­գա­հեռ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով, ո­րոնք պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ 2017 թուա­կա­նի Յու­նուա­րի 3-ը։

Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան՝ տնտե­սա­գի­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, մար­դա­սի­րա­կան բարձր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ գե­ղա­գի­տա­կան ինք­նո­րոյն ճա­շա­կի տէր բա­ցա­ռիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն, ե­ղած է նաեւ կրթա­կան մեծ ծրագ­րե­րու՝ ու­սում խթա­նող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մե­կե­նաս, ինչ­պէս՝ նպաս­տած է Փա­րի­զի Հա­մալ­սա­րա­նա­կան ոս­տա­նի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս հայ եւ փոր­թու­գալ­ցի ու­սա­նող­նե­րու տու­նե­րու կա­ռուց­ման։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մին ներ­կայ էին «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ՝ Մար­թին Ե­սա­յեան, ընդ­հա­նուր տնօ­րէն՝ Ար­թուր Վան­թոս Սիլ­վա, Փա­րի­զի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն՝ Ժոաօ Քա­րա­սա, ինչ­պէս նաեւ Փոր­թու­գա­լի եւ Հայ տան տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը։

Այս ձեռ­նար­կին կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար երբ Լիզ­պո­նէն փոր­թու­գա­լա­կան կող­մը կը դի­մէ, որ ցու­ցա­հան­դէս տե­ղի ու­նե­նայ Փա­րի­զի Փոր­թու­գա­լա­կան ու­սա­նո­ղա­կան տան մէջ, հայ­կա­կան կող­մը կ՚ըն­դա­ռա­ջէ յի­շեց­նե­լով, որ Կիւլ­պէն­կեան նաեւ մաս­նակ­ցած է Հայ ու­սա­նո­ղա­կան տան կա­ռուց­ման ծրագ­րի­ն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016