«Հայ­ֆեստ» մի­ջազ­գա­յին 14-րդ թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նը

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, «Հայ դե­րա­սան­նե­րու միու­թիւն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Հոկ­տեմ­բե­րի
1-8 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ կը կազ­մա­կեր­պէ «Հայ­ֆեստ» մի­ջազ­գա­յին 14-րդ թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նը, որ կը կրէ «Ի­րա­կա­նա­ցուր ե­րա­զանքդ «Հայ­ֆեստ»ի հետ» խո­րա­գի­րը:

Փա­ռա­տօ­նի հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բե­րի
1-ին,  Ստա­նիս­լավս­կիի ա­նուան ռու­սա­կան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին մէջ, Թաշ­քեն­թի «Իլ­խոմ» տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի «Եօթ լու­սին» ներ­կա­յա­ցու­մով:

«­Հայ­ֆեստ» մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի կը հիւ­րըն­կա­լէ 250 մաս­նա­կից, 20 եր­կիր­նե­րէ. ինչ­պէս՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Մեծն Բրի­տա­նիա, Գեր­մա­նիա, Իս­րա­յէլ, Ի­րան, Լե­հաս­տան, Լիթ­վա, Յու­նաս­տան, Ղա­զա­խիս­տան, Ճա­բոն, Նոր­վե­կիա, Չե­խիա, Ռու­սաս­տան, Վրաս­տան, Էօզ­պե­քիս­տան, Ֆին­լան­տիա, Ֆրան­սա եւ այլ եր­կիր­ներ: Թա­տե­րա­սէր հան­րու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ դի­տե­լու տրա­մա­թի­քա­կան, ե­րաժշ­տա­կան, պա­րա­յին, ա­ռան­ձին ներ­կա­յա­ցում­ներ, մուլ­թի­մե­տիա­կան, ի­րե­րու, տիկ­նի­կա­յին, մա­րիո­նէթ­նե­րու, ներ­կա­յա­ցում-ցու­ցա­հան­դէս, ֆի­զի­քա­կան շարժ­ման, կրկէ­սա­յին, ման­կա­կան, ինչ­պէս նաեւ բա­ցօ­թեայ ներ­կա­յա­ցում­ներ: Ե­րե­ւա­նեան տաս­ներ­կու բե­մա­հար­թակ­նե­րու վրայ կը ցու­ցադ­րուի ա­ւե­լի քան յի­սուն ներ­կա­յա­ցում:

Փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը ներ­կա­յա­ցուին «Իլ­խոմ» թատ­րո­նի «Եօթ լու­սին»ը (Էօզ­պե­քիս­տան), «Նե­պոլ­շօյ» տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի «Քա­րա­մա­զով եղ­բայր­ներ»ը (Սեն Փե­թերս­պուրկ), Պեր­լի­նի Մ. Կոր­քիի ա­նուան թատ­րո­նի «Հո­գի­նե­րու ա­ճուր­դը»։

Ե­րե­ւա­նեան թատ­րոն­նե­րէն` «Հայ­ֆեստ»ի հիմ­նա­կան ծրագ­րին մէջ հան­դէս կու գան Հ. Ղափ­լա­նեա­նի ա­նուան տրա­մա­թի­քա­կան, Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նուան տիկ­նի­կա­յին, «Փոքր», «Միհր» եւ այլ թատ­րոն­ներ: Այս տա­րի «Հայ­ֆեստ»ը հան­դէս կու գայ տար­բեր ծրագ­րե­րով. Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին նուի­րուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ե­րե­ւա­նի Թատ­րո­նի եւ շար­ժան­կա­րի պե­տա­կան կա­ճա­ռի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Ժա­մա­նա­կա­կից թատ­րո­նը» թե­մա­յով մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը: 

Փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին կը կազ­մա­կեր­պուի նաեւ լե­հա­կան ծրա­գիր, որ կը կրէ «Ժա­մա­նա­կա­կից պա­րի հար­թակ» խո­րա­գի­րը: Ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ նաեւ վար­պե­տու­թեան դա­սըն­թացք­ներ, ո­րոնք կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն փա­ռա­տօ­նի հիւ­րե­րը:

Փա­ռա­տօ­նի նա­խա­գահն է Ար­թուր Ղու­կա­սեան: Հիմ­նա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մուտ­քը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հրա­ւի­րա­տոմ­սե­րով եւ ան­ցագ­րե­րով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016