ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽԸ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րը շուրջ հինգ ժամ մնա­ցին ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս, ուր կը պաշ­տօ­նա­վա­րեն եր­կու հա­րիւր գեր­ման զի­նուոր­ներ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դած գեր­ման խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու այ­ցե­լու­թեան շուրջ։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016