«ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Հայաստանի մէջ յաճախ չէ, որ կ՚իրականացուին ցուցահանդէսներ, որոնց ընթացքին մէկ հարթակի վրայ կը ներկայացուին թէ՛ հայազգի եւ թէ օտար նկարիչներու գործեր։ Հոկտեմբերի 13-ին Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ «Դէպի Արարատ» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին տարբեր երկիրներու նկարիչներու ստեղծագործութիւններ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցեց Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան։

«Միջազգային ցուցահանդէսի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ճաբոնցի նկարիչ Սակատա Հիթիոյին, որ աշխարհի տարբեր ծագերուն նման ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ: Կը ներկայացուին կտաւներ, որոնք մեծ մասամբ ստեղծուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ քորէացի, մեքսիկացի, հայ, ճաբոնցի եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչ նկարիչներու կողմէ: Ընդգծեմ, որ այդ օրերուն միայն Ճաբոնէն տասներեք նկարիչ կը ժամանէ Հայաստան», նշեց Աղամեան։

Անոր խօսքով՝ նկարիչներէն շատեր ութ տարի առաջ եղած են Հայաստանի մէջ եւ, հաւանաբար, լաւ տպաւորութիւններով հեռացած են ու որոած են կրկին այցելել մեզի ու իրենց գործերը ցոյց տալ հայաստանցի արուեստասէրներուն: Ցուցահանդէսի կապակցութեամբ տպագրուած է նաեւ պատկերագիրք մը։

Անդրադառնալով միութեան 85-ամեակին, որ կը նշուի այս տարի, Կարէն Աղամեան շեշտեց, որ 17 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ Նկարիչներու միութիւնը եւ տարիներու մեծագոյն ձեռքբերում կը համարէ առաջին յարկի ցուցասրահը, որու նմանը Հայաստանի մէջ չկայ: «Տարածքը հիմնականին Նկարիչներու միութեան անդամներու ցուցահանդէսներու համար նախատեսուած է, սակայն երբեմն բացառութիւններ կ՚ըլլան: Տարուան կտրուածքով յիսուն ցուցահանդէս կ՚իրականացնենք, իսկ այս մէկը բաւականին մեծ ցուցանիշ է. նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն այդ թիւով ցուցահանդէսներ չէին կազմակերպուեր», ըսաւ ան։

Աղամեան ընդգծեց, որ Դեկտեմբերին տեղի կ՚ունենայ ամենասպասուած միջոցառումը՝ «Հայ նկարիչներու հանրապետական ցուցահանդէսը»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017