ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ. «ՀԱ­ՄԱ­ՏԵՂ ՈՒ­ԺԵ­ՐՈՎ ՀԱՅ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ ԴԱՐՁ­ՆԵԼ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ՀԵՏ ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԿՑ­Ե­ԼՈՒ ՄԻ­ՋՈՑ»

Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութիւնը պէտք է միաւորէ շարժանկարի արտադրութեամբ զբաղողներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք համատեղ կը նպաստեն հայ շարժարուեստի զարգացման: Այս մասին նախընթաց օր Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նախագահի թեկնածու Յարութիւն Խաչատրեան: Ան ներկայացուց ընտրուելու պարագային իր ընելիքներու ծրագիրը, որ կը կրէ «Վերջապէս պէտք է բացուի Շարժարուեստի տան դուռը» խորագիրը։

«Կը կարծեմ, որ սինեմաթոկրաֆիստներուն նախեւառաջ իրաւաբանական եւ մասնագիտական պաշտպանուածութիւն հարկաւոր է, քանի որ մեր օրերուն մարտահրաւէրները շատ են: Շատ կը կարեւորեմ նաեւ շարժանկարի մասին օրէնքը, որ բաւականին հապճեպ մշակուած է, եւ այս ոլորտի ներկայացուցիչներու մեծ մասը այդ մէկուն կողմ չէ: Ըստ իս՝ նման օրէնք ստեղծելու ատեն պէտք է հրաւիրել մշակոյթի համաշխարհային փորձագէտները: Արտադրողներն ու դերասանները պարզապէս չեն կրնար իրաւաբանական տեսանկիւնէն համապատասխան օրէնքներ մշակել, քանի որ անոնք ստեղծագործողներ են ու զգացմունքային մարդիկ», ըսաւ Խաչատրեան:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ան ընդգծեց, որ շարժանկարի արտադրութեան համար գումարներ կը ծախսուին, սակայն հայկական շարժարուեստը չի յառաջանար: Հայաստանի մէջ դեռ չկայ հայկական շարժանկարի տեսակ: «Մենք ստեղծեցինք «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը, որու նպատակը այդ տեսակը ստեղծելն էր. ներկայացնել հայկական շարժանկարի խնդիրներն ու փորձել լուծել զանոնք: Մենք կարողացանք յաջողութիւններու հասնիլ. ստեղծեցինք մթնոլորտ, կարողացանք վարպետութեան դասեր իրականացնել, Հայաստանի մէջ լաւագոյն ֆիլմերը ցուցադրեցինք, բայց շարժանկարի տեսակ չստեղծուեցաւ: Հաւանաբար, չկայ ճիշդ քաղաքականութիւն: Այդ մէկը զիս շատ կ՚անհանգստացնէ, քանի որ ես կ՚ապրիմ շարժանկարով, կը մտածեմ շարժանկարով, եւ իմ լեզուն շարժանկար-լեզուն է», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութիւնը զինք հետաքրքրած է, քանի որ այն կարող է մէկ յարկի տակ միաւորել բոլոր շարժանկարի արտադրողները: Ան հնարաւորութիւն կու տայ համատեղ ուժերով հայ շարժանկարը դարձնել աշխարհի հետ հաղորդակցելու միջոց:

Խաչատրեանի խօսքով՝ ընտրուելու պարագային իրենք կը մշակելեն հայկական շարժանկարի արտադրանքը պատշաճ կերպով համաշխարհային շարժապատկերի շուկային,  շարժանկարի փառատօններու մէջ, այլ հարթակներու վրայ ներկայացնելու պարզեցուած համակարգ, որմէ կարենան օգտուիլ բոլորը:

«Կ՚առաջարկեմ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին  լուրջ փոփոխութիւններ կատարել միութեան կանոնադրութեան մէջ, որպէսզի ամիսներ յետոյ խորհրդարանական կառավարման անցնող Հայաստանի մէջ միութեան ազդեցութիւնը շարժարուեստի մէջ կատարուող իրադարձութիւններու վրայ դառնայ աւելի ազդեցիկ եւ որոշիչ: Սերտօրէն կ՚աշխատինք շարժանկարի բնագաւառի այլ կառոյցներու՝ շարժանկարի կեդրոնի, նոր ստեղծուող ֆիլմի յանձնակատարի կաճառի, Հայաստանի մէջ գործող շարժանկարի փառատօններու գրասենեակներու, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ», ընդգծեց ան:

Կը նախատեսուի նաեւ մասնակցութիւն ունենալ օրէնքներու եւ ենթաօրէնսդրական աքտերու, շարժանկարի կառոյցներու կանոնադրութիւններու մշակման, շարժանկարի գանձատրման մեքենականութիւնները յստակեցնելուն, կանոնակարգելուն:

Կը ստեղծուին շարժանկարի գործիչներու՝ բեմադրիչներու, արտադրողներու եւ այլոց միջազգային հարթակներ դուրս գալուն օգնող մշտապէս գործող խումբ: Օգտագործելով միջազգային հիմնադրամներու, տնօրէններու, կազմակերպիչներու եւ շարժանկարի ոլորտին մէջ մեծ ճանաչում ու հեղինակութիւն, ազդեցութիւն ունեցող մարդոց հետ իր սերտ յարաբերութիւնները, վերջին տասն տարիներու իր աշխատանքի փորձառութեամբ Խաչատրեան կ՚օգնէ շարժանկարի մարդոց՝ գտնել համագանձատրումներ:

Անոր խօսքով՝ սինեմաթոկրաֆիստներու միութիւնը կրնայ հզօր խորհրդատուական կեդրոն մը ըլլալ: Բացառապէս բարերարներու, հիմնադրամներու աջակցութեամբ միջազգային բարձր չափանիշներուն համապատասխան նորոգուելու է միութեան դահլիճը:

Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան համագումարը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 7-ին ու կ՚ընտրուի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նոր նախագահը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017