ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԱՒԱԿԸ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Շարլ Ազնաւուրի ի յիշատակ երէկ Փարիզի մէջ կազմակերպուած փառաշուք սգահանդէսի ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ դամբանախօսութեամբ։

*

Շարլ Ազնաւուր կը փափաքէր ապրիլ դար մը, ան խոստացած էր ինքզինքին, ան խոստացած էր մեզի, կարծես սա ըլլար իր կեանքի վերջին մարտահրաւէրը։ Տարիքը երբեք զինք չզրկեց անյագ կեանքի ծարաւէն, ստեղծագործելու, սիրելու, երգելու ցանկութենէն, բայց իր նպատակէն քանի մը քայլ առաջ ան հեռացաւ։

Այս յանկարծակի դատարկութիւնը մեզի հասկցուց ակնյայտ բան մը, որ ամբողջ դար մը ան մեզ կ՚ապրեցնէր, մեր կեանքի դժուարին, դառնութեան, յոյսի պահերուն Շարլ Ազնաւուր մեզի երկարեց սփոփիչ հայելին՝ իր ստեղծագործութիւններով, որոնցմով ան երկար տարիներ մեր կեանքը աւելի մեղմացուց, օգնեց դիմակայել կեանքի մարտահրաւէրներուն։ Իր երգերը ամառնային դատարկ երգեր չէին, զորս մարդիկը պահ մը կ՚ուրախացնէին եւ կը մոռցուէին։ Իր երգերը միլիոնաւոր անձերու համար դարձան սփոփանք, մխիթարանք, ան կ՚երգէր մեզի համար որպէս կեանքի ուղեկից, կը պատմէր կեանքի դժուարութիւններու մասին։ Առանձնակի ձեւով կը խօսէր ժամանակի մասին, իր ստեղծագործութիւնները միայն տխրութիւն չէին պատմեր, անոնք կը ներկայացնէին նաեւ իր՝ գաղթի եւ աքսորի փորձը։ Կ՚ըսեն, որ աքսորի տարիները կրկնակի կը հաշուուին, իր մօտ ֆրանսացիները շատ արագ նկատեցին այս բանը։

Տարիներու ընթացքին Շարլ Ազնաւուրի ձայնի հնչերանգը մեզ միաւորեց՝ անկախ մեր տարիքէն եւ ընկերային աստիճանէն։ Ազնաւուրը մեզ միաւորեց եւ դարձաւ Ֆրանսայի դէմքերէն մէկը։ Ազնաւուրի երգերը առաջին հերթին բանաստեղծութիւններ են, որոնց բառերը կ՚երթան դէպի մեր սիրտը, այդ բանաստեղծութիւններու վերնագրերը եւ երգերու կրկներգները մեզի համար դարձած են ժառանգութիւն։

Այս իսկ ձեւով է, որ կը հաւաստէ արուեստագէտի հանճարը։ Ֆրանսերէն լեզուն դարձեած է Ազնաւուրի համար այն ակունքը, կապը, զոր հիւսած է Ֆրանսայի հետ։ Հայ եւ յոյն գաղթականներու որդին, որ կրթութիւն չստացաւ, բնազդաբար հասկցաւ, որ Ֆրանսայի մէջ լեզուն պետութիւն է պետութեան մէջ։ Դերասանի որդին դարձաւ փարիզեցի, սկիզբին սկսաւ հանդէս գալ շարժանկարի մէջ, դժուարութիւններով, երբեմն կարճ երկխօսութիւններով, սակայն ան երբեք չէր յաւակներ դառնալ դերասան։ Այդուհանդերձ, ան նկարահանուեցաւ վաթսուն ժապաւէններու մէջ, որոնց շատերը դարձան գլուխ գործոցներ։ Ան միշտ եղած է երիտասարդներու կողքին, եղած է բաց նոր երաժշտութիւններու, ձայներու, գաղափարներու հանդէպ։ Ան երիտասարդ ար-ւեստագէտներու համար գրեց մինչեւ վերջ, կը շարունակէր օգնել, աջակցիլ անոնց՝ այդպէսով սերունդներու միջեւ հաստատելով կամուրջներ։ Ան այդպէս կը պատկերացնէր Ֆրանսան, որովհետեւ գիտէր, թէ Ֆրանսա որքան կապուած է ամբողջ աշխարհի հետ։ Ան երգեց ութ լեզուներով, բայց հանրութեան ամէնուրեք ֆրանսերէն լեզուով մատոյց իր երգերը, որովհետեւ ֆրանսերէնը յոյսի, սիրոյ, ազատութեան, փիլիսոփայութեան, բանաստեղծներու եւ արուեստագէտներու լեզուն է։ 

Բոլոր առաքելութիւններէն ան կը նախընտրէր հաւատարմութիւն. հաւատարիմ էր ծնողներուն, կնոջ, ընտանիքին, բարեկամներուն, ընկերներուն, ծանօթներուն եւ անծանօթներուն, ան հաւատարիմ էր նաեւ Հայաստանին։ Ազնաւուրը Հայաստանի զաւակն էր, բարեկամը, դեսպանը, նաեւ այն առատաձեռն զաւակը, որ օգնութեան ձեռք երկարեց 1988 թուականի երկրաշարժէն տուժածներուն։ Իր այդ յանձնառութիւնը այսօր կը շարունակէ «Ազնաւուր» հիմնադրամը՝ ի նպաստ հայերու, Հայաստանի, ֆրանս-հայկական բարեկամութեան։ Հակառակ այն ցաւին, որ թողեց ցեղասպանութիւնը՝ Շարլ Ազնաւուր շարունակեց իր գործողութիւնները եւ ձեւաւորեց իր կեանքի պայքարը։ Ազնաւուր մշտապէս երգեց Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մասին՝ փափաքելով պաշտպանել արժանապատուութիւնը այն մարդոց, որոնք լռեցնել փորձած են։ Հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն՝ ան մեզի ցոյց տուաւ իր ֆրանսական հոգիի մէջ օտարազգիի փոքրիկ մասնիկը։ Իրեն շնորհիւ Հայաստան շատ բան տուած է Ֆրանսային։ Իր միջոցաւ այսօր առիթ է յիշելու, թէ մենք՝ որպէս ազգ որքան պարտական ենք այն բոլոր հայերուն նկատմամբ, որոնք ստիպուած լքեցին իրենց երկիրը եւ եկան ապաստան գտնելու մեր մօտ։ Սա ընդհանուր ճակատագիր է։ Բոլոր երկիրներու հայեր, այսօր դուք իմ մտքին մէջ էք։

Յաջորդ շաբաթ Շարլ Ազնաւուր մեզի հետ պէտք է ըլլար Երեւանի մէջ՝ մասնակցելու համար Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին եւ իր տեղը բացակայ կը մնայ։ Թող Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութիւնը արժանի ըլլայ իր տուած դասերուն։

Վստահ եմ, թէ տակաւին շատ երկար տարիներ միլիոնաւոր մարդիկ դժուարութեան, յոյսի, ուրախութեան պահերուն իրենց յիշողութեան մէջ կը պահեն այն երաժշտութիւնը կամ այն երգերու բառերը, զորս թողած է այս բացառիկ բանաստեղծը։ Իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ ան կը շարունակէ իր ճանապարհը՝ քայլելով ուղիղ, ձեռքը գրպանին, ժպիտը դէմքին եւ մեզի հետ միասին ան հպարտօրէն կ՚անցնի այս դարը։ Այլեւս ան չի լքեր մեզ, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները երբեք չեն մահանար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018