ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑ ՌԷՈՒՎԷՆ ՌԻՎԼԻՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հետ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, երկու ղեկավարները զրոյցի տեւողութեան կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններու երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը։ Ան նշեց, որ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուած զէնքն ու զինամթերքը իրականութեան մէջ միայն պաշտպանման նպատակներով չ՚օգտագործուիր՝ ինչպէս անցեալին Իսրայէլ կը հաւաստիացնէր, իսրայէլական զէնքն ու զինամթերքը Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողական նպատակներով կ՚օգտագործուի։ Այդ զինատեսակները լայնօրէն կը կիրառուին հայկական բնակավայրերը հրետակոծելու նպատակով, կ՚ուղղուին քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ՝ պատճառ դառնալով մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ հսկայական աւերներու։ Նախագահ Սարգսեան բոլոր չափանիշներով անընդունելի համարեց զէնքի շարունակական մատակարարումը՝ ընդգծելով, որ սա լրջօրէն կրնայ վտանգել Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները։ Ան Իսրայէլի նախագահին յորդորեց՝ օգտագործել ազդեցութիւնը իր երկրի կառավարութեան վրայ, որպէսզի անյապաղ դադրեցուին զէնքի մատակարարումները դէպի Ատրպէյճան։ Արմէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ հայկական կողմի մտահոգութիւններն ու դիտարկումները արտացոլուած էին նաեւ իր կողմէ քանի մը օր առաջ Ռիվլինին ուղարկուած նամակին մէջ։ Նախագահ Ռիվլին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր երկրի կառավարութեան հետ ամենայն ուշադրութեամբ ուսումնասիրել հայկական կողմի բարձրացուցած հարցերը։

Իսրայէլի մամուլն ալ վերջին օրերուն կ՚անդրադառնայ Ատրպէյճան ուղարկուած ռազմամթերքի խաղաղ բնակչութեան դէմ օգտագործման խնդիրներուն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանն ալ երէկ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն դեսպանը Երեւան ետ կանչուած է խորհրդածութիւններու համար։ Ըստ դեսպան Արմէն Սմբատեանի, հաւանական է, որ Իսրայէլ երկու-երեք օրուայ ընթացքին դադրեցնէ զէնքի մատակարարումները դէպի Ատրպէյճան։

Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնն ալ երէկ հաստատեց, որ Ստեփանակերտը ռմբակոծուած է Իսրայէլի մէջ արտադրուած քասթեթային ռումբերով, որոնց որեւէ ձեւով կիրառումը արգիլուած է։

Մինչ այդ, Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին, որ օրուան տեւողութեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ CNN հեռուստակայանին։ «Եթէ Կովկասը վերածուի Սուրիոյ, ապա Աստուած պահապան բոլորին», ըսաւ ան այս առթիւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020