ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿՈՉՈՎ ՄԸ ԴԻՄԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բախումներու մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ տեղեկացուց, որ քաղաքային ժողովուրդէն 40 զոհ կայ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այս իրավիճակին մէջ աշխարհին դիմեց՝ խնդրելով նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման։ Ան տարածքաշրջանային եւ միջազգային դերակատարներուն կոչ ուղղեց՝ օգնել անյապաղ հրադադարի հասնելու համար հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Կութերես քննադատեց հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն հակամարտութեան շարունակուիլը։ Ան լրջօրէն անհանգստացած է բնակելի շրջաններու հրետակոծութեան հետեւանքով։ «Ընդհանուր քարտուղարը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի», յայտնեց Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք։

Այս առաւօտ հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր առաջնագծի վրայ պահպանուած է յարաբերաբար կայուն վիճակ մը։ Մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու ուղղեալ միջազգային հանրութեան կոչերէն վերջ գիշերը յարաբերաբար հանգիստ անցած է։ Յամենայնդէպս, երէկուան օրը Ստեփանակերտի վրայ կատարուած ռմբակոծումներով բնորոշուեցաւ։ Սաստիկ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանն ալ մեղադրանքներ հասցէագրեց հայկական կողմին՝ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու բերումով։ Թէ՛ Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան եւ թէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ հաղորդեցին, որ մահ ու կենաց կռիւներ կ՚ընթանան։ Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ Ատրպէյճանի բոլոր յարձակումներուն, օդէն կամ ցամաքէն։ Իր կարգին, Արծրուն Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ հայկական զօրքերը Ատրպէյճանի յարձակումներուն համարժէք պատասխան կու տան՝ թիրախաւորելով մի միայն զինուորական կէտերը։ Ան շեշտեց, որ յամառ մարտերով կը կասեցուի Ատրպէյճանի յառաջխաղացումը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ հանդէս եկաւ մարտակոչով մը։ Ան զօրքերու շարքերը համալրելու հրաւիրեց Հայաստանի այն բոլոր քաղաքացիները, որոնք զօրացրուած էին վերջին մէկ տարուայ ընթացքին։ Երեւանեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի որդին ալ կամաւորագրուած է ճակատ մեկնելու համար։

Սուրիայէն, Լիպիայէն վարձկաններու Ատրպէյճանի շարքերուն մէջ կռիւ մղելու խնդիրն ալ կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Ըստ հայկական աղբիւրներու, Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատն ալ հաստատած է, որ իր երկրէն գրոհայիններ տեղափոխուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, բախումներուն ժամանակ ցարդ 93 վարձկան սպաննուած է, իսկ անցեալ շաբաթավերջին եւս 430 վարձկաններ տեղափոխուած են Ատրպէյճան։

Միջազգային մամուլն ալ լայնօրէն կ՚արձագանգէ պատերազմին։ Ուշագրաւ մեկնաբանութիւններէն մին է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը համարուի Հարաւային Կովկասէ ներս վառօդի տակառ մը։ «Քոմերսանտ» ռուսական թերթն ալ հրապարակեց ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը, ըստ որու Սուրիոյ պատերազմը հասած է Անդրկովկաս։ Այսպէս, Մոսկուա նոր պատճառ ունի Անգարայէն դժգոհելու համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020