ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շփումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները։ Ենս Սթոլթենպերկ Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ դաշինքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի կացութեան։ «Մտահոգութիւններ ունինք։ Տեղեկագրերը կը տեսնենք։ Խաղաղ բնակչութիւնը կը զոհուի։ Բախումները վտանգ կը սպառնան նաեւ նուրբ ենթակառուցուածքներուն։ Խօսքը կը վերաբերի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներուն։ Մեզի համար շատ կարեւոր է։ Բոլոր հակամարտ կողմերուն պէտք է փոխանցենք՝ բախումները ժամ առաջ դադրեցնելու պատգամը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Բանակցութիւններու հիման վրայ լուծում մը պէտք է գտնուի», ըսաւ Սթոլթենպերկ։

Իր կարգին, Սթոլթենպերկի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Հայաստան պատերազմական յանցագործութիւններ կը կատարէ՝ թիրախաւորելով քաղաքային ժողովուրդը։ Ատրպէյճան պայքար կը մղէ՝ իր հողերը ետ առնելու համար ահաբեկիչներէ, բռնագրաւիչներէ։ «Իրականութեան մէջ իրաւական եւ բարոյական առումով աջակցութիւն պէտք է ցուցաբերել Ատրպէյճանին։ Բայց բոլոր միջազգային կառոյցները եւ աշխարհի երկիրները կը ջանան կա՛մ ըլլալ շատ հաւասարակշռուած եւ կամ Հայաստանը կը խրախուսեն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներէն Ֆրանսա բացայայտօրէն Հայաստանը կը պաշտպանէ։ Երբ խնդրոյ առարկայ դառնայ Ուքրայնոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա արդարօրէն բոլորս կը պաշտպանենք։ Իսկ եթէ Ատրպէյճան-Հայաստան խնդիրը օրակարգի վրայ գայ, ինչո՞ւ Հայաստանին կոչ չ՚ուղղուիր, որպէսզի իր բռնագրաւած տարածքներէն ետ քաշուի», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան բռնագրաւումի համը կը վայելէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆրանսայի կողմէ վերջին օրերուն Արցախի իրադարձութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հարցաքննութեան բացուած էր ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Այդ վերաբերմունքէն անմիջապէս վերջ Անգարան ալ սկսած է ուղղակիօրէն քննադատութիւններ հասցէագրել Փարիզին այս հարցին շուրջ։

Երէկ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ պատերազմական յանցագործութիւններ կը կատարուին։

Անգարայէն փոխանցուած պատգամներու զուգահեռ՝ միջազգային մամուլին մէջ վերջին օրերուն լոյս կը տեսնեն զանազան մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու գործունէութիւնը կը քննադատէ եւ կը ձգտի մաս կազմել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ TRT-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նոյնպէս խօսեցաւ այս մասին։ Այսպէս, ըստ իրեն, Թուրքիա անպայման պէտք է ներկայ ըլլայ կարգաւորման գործընթացի մէջ։ «Թուրքիա ուժեղ պետութիւն է, մեծ ներուժով, մեր հարեւանը, Հայաստանի հարեւանը, Հարաւային Կովկասի հարեւանը։ Այս իսկ պատճառով, բնականաբար, Թուրքիա պէտք է աշխոյժ ըլլայ այս գործերուն մէջ։ Ապագայ հաշտութեան գործընթացին մէջ Թուրքիա անպայման պէտք է ներկայ ըլլայ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Ալիեւ նշեց, որ հաշտութեան գործընթացը կը սկսի եւ որքան շուտ, այնքան լաւ, պատերազմը չի կրնար յարատեւ ըլլալ։

Միւս կողմէ, թրքական զանգուածային լրատուական միջոցները կը շարունակեն լայն տեղ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն։ Պատերազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ կատարուած հաղորդումները ամբողջութեամբ կը համընկնին Ատրպէյճանի աղբիւրներուն կողմէ տրամադրուած միակողմանի տեղեկատուութեան հետ։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Մինչ այդ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Իլհամ Ալիեւի եւ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւնները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020