ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս երեք պետութիւններու նախագահները եւս քանի մը օր առաջ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած էին։ Երէկ յաջորդեց անոնց արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մայք Փոմփէոյի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի համատեղ յայտարարութիւնը։

Ուաշինկթըն, Մոսկուա եւ Փարիզ ամենավճռական ձեւով կը դատապարտեն բռնութեան մագլցումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Վտանգաւոր համարելով առկայ կացութիւնը՝ նախարարները միանշանակօրէն ընդգծեցին, որ վերջին յարձակումներով ենթադրաբար թիրախաւորուած են քաղաքացիական շէնքերն ու ենթակառուցուածքները։ Նման յարձակումները անհամաչափ են, անընդունելի սպառնալիք են տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան դէմ։

«Համանախագահ երկիրները հաստատակամ են լիովին իրականացնել իրենց վրայ՝ ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ դրուած լիազօրութիւնը, Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրներու աջակցութեամբ։ Այդ լիազօրութիւնով անոնք պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն մեծացնել համագործակցութիւնը կողմերու հետ՝ կոչ ուղղելով անոնց առանց յապաղելու ստանձնել կարգաւորման գործընթացը վերահսկելու պարտաւորութիւնները՝ գոյութիւն ունեցող հիմնարար սկզբունքներու եւ համապատասխան միջազգային փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք քաջ յայտնի են երկու կողմերուն», նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, նախարարներու յայտարարութեան հրապարակումէն անմիջապէս վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ եկան վերահաստատել այդ մէկը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020