ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ չորրորդ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին կողմերը շարունակեցին ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ զարգացումներու քննարկումը։ Նշուեցաւ, որ ռազմական գործողութիւնները սրացում ստացած են՝ տիրանալով լայնածաւալ բնոյթի։ Դժբախտաբար այս բոլորը պատճառ կը դառնան լուրջ կորուստներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու։ Ռուսական կողմը վերստին յայտնեց ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման կարեւորութիւնը։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ ռուսական կողմը մշտական կապի մէջ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ։ Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նիւթին շուրջ ռուսական կողմը շարունակական, բարձր մակարդակի վրայ երկխօսութիւն կը վարէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Ըստ Փեսքովի, Փութին առայժմ չի նախատեսեր խնդիրը քննարկել Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կամ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ռուս ղեկավարը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տաճիկիստանի նախագահ Իմամալի Ռահմանովի հետ՝ անդրադառնալով Ղարաբաղի հարցին։ Տաճիկիստան ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն մին է։ Փութին նախընթաց օր ալ հարցը քննարկած էր նոյնպէս այդ դաշինքի անդամ երկիրներէն Սպիտակ Ռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Լաւրով երէկ հեռախօազրոյց մըն ալ ունեցաւ Պայրամովի հետ՝ միշտ ընդգծելով կրակը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնելով խաղաղ բնակիչներու շրջանակէն ներս զոհերու թիւի բարձրացման շուրջ։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներով, Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կապի մէջ կը մնայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է մտածել յստակ քայլերու մասին, որոնք արիւնահեղութիւնը պիտի կանխեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Ռուսական կողմը բոլոր հարթութիւններու վրայ հետամուտ է խնդրին։ Կը հաղորդուի, որ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կը նախատեսէ հանդիպում մը ունենալ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ։ Ռուս դեսպանը վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Քոչարեան եւ Սարգսեան արդէն կը գտնուին Արցախի մէջ։

Իր կարգին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանն ալ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու Արցախի մէջ կրակի դադրեցման։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ վերջին օրերուն Լաւրովի, Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներու լոյսին տակ։ Ֆրանսացի նախարարը աւելցուց, որ Փարիզ իր ջանքերը շարժման կ՚անցընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հասնելու եւ բանակցութիւններու վերսկսումը ապահովելու նպատակով։

Հարաւային Կովկասի ազդու դերակատարներէն Թեհրանն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ ձեռնամուխ են ղարաբաղեան հիմնախնդրի մշակման ուղղեալ ծրագրի մը, որ կրնայ վերջացնել հակամարտութիւնը։ Մանրամասնութիւններու մասին հաղորդումներ չկան։

Արցախի ճակատի բախումներու մթնոլորտին մէջ, դիւանագիտական բեմահարթակի վրայ Երեւան թափով յառաջ կը տանի բազմակողմանի ջանքեր։ Երէկ, Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ժան-Իվ լը Տրիանի, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սթիվըն Պիկանի եւ Ֆինլանտիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փեքքա Հաաւիսթոյի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020