ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Քաղաքապետութեան համալիրէն ներս երկու հայրապետները ողջագուրուեցան եղբայրաբար։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ վերահաստատել Հայց. Առաքելական եւ Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւնները թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան առումով եւ թէ միջեկեղեցական գետնի վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը ունեցան ջերմ զրոյց մը, նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ տեսակցեցաւ նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինի հետ։

  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021