ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ անակնկալ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլի հետ։ Այս տեսակցութեան ժամկէտը ուշագրաւ էր, որովհետեւ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս առկայ է լուրջ լար-ւածութիւն։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, անպաշտօն հանդիպում մըն էր այս մէկը, որ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Չավուշօղլու եւ Կապրիէլ քննարկեցին այն բոլոր խնդիրները, որոնք լարուածութեան ծնունդ կու տան Անգարայի եւ Պերլինի յարաբերութիւններուն մէջ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր, օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կապերը։ Պաշտօնատար մը տեղեկացուց, որ թէ՛ Անգարա եւ թէ Պերլին կողմնակից չեն Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջութեամբ խզուելուն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017