ԹԵՔՍԱՍԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ. 27 ԶՈՀ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին պատահեցաւ ցնցիչ դէպք մը։ Նիւ Եորքի մէջ տակաւին քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած դէպքերէն վերջ՝ այս անգամ արիւնալի իրադարձութիւններու մասին լուրեր հասան Թեքսասի նահանգէն։ Երէկ, Սըթերլանտ Սփրինկզ գիւղաքաղաքի եկեղեցիներէն մին ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։ Անձ մը վազելով մուտք գործեց եկեղեցի եւ սկսաւ կրակել կիրակնօրեայ պաշտամունքի մասնակից հաւատացեալներուն վրայ։ Դէպքին զոհ գնաց 27 հոգի։ Զոհերու շարքին էր նաեւ պատուելիին 14-ամեայ դուստրը։

Սեն Անթոնիօ քաղաքէն շուրջ 50 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի յիշեալ գիւղաքաղաքը, ուր դէպքը պատահեցաւ տեղական ժամով շուրջ 11.30-ին։ CNN-ի հաղորդումներով, իրաւասուները տեղեկացուցած են, որ առնուազն 30 հոգի ալ վիրաւորուած է յարձակման հետեւանքով։ Վիրաւորեալներու հիւանդանոց փոխադրութեան համար վեց ուղղաթիռ շարժման անցած է։

Դէպքի վայրէն ինքնաշարժով մը խոյս տուած յանցագործը կարճ ժամանակի ընթացքին ձերբակալուած է մեռեալ վիճակի մէջ։

Սըթերլանտ Սփրինկզի մէջ շուրջ 300 հոգի կը բնակի, իսկ յարձակման ենթարկուած եկեղեցին կը համախմբէ շուրջ 50  հաւատացեալներ։

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէպքէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան շեշտեց, որ ամերիկեան իրաւապահ մարմինները դէպքի վայրի վրայ են, պաշտօնի գլուխ։ Թրամփ միեւնոյն ժամանակ զօրակցութիւն յայտնեց Սըթերլանտ Սփրինկզի եւ ամբողջ Թեքսասի ժողովուրդին։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց երէկուան յարձակման։ Թուրքիա ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ ամերիկեան ժողովուրդին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017