ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Իսրայէլ։ Սոյն ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Իսրայէլի Վարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիյահուի հրաւէրով։ Նալպանտեան Նեթանիյահուի առընթեր հանդիպումներ կ՚ունենայ Իսրայէլի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու բարձագոյն ներկայացուցիչներուն հետ։

Այցելութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան կ՚այցելէ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017