TEOG-Է ՎԵՐՋ ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ազգային կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ երկրի կրթութեան նոր դրութեան վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախարարութիւնը միջոց մը առաջ որոշած էր TEOG-ի քննութիւնը ջնջել։ Այս պայմաններուն ներքեւ, երկար ժամանակէ ի վեր հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր Եըլմազի յայտարարութիւններուն, որոնց ընթացքին ան տեղեկութիւններ տուաւ, որ ջնջուած քննութիւնը ինչպիսի դրութիւնով մը պիտի փոխարինուի։

Թէեւ տակաւին գործնական մանրամասնութիւնները չեն յստակացած, սակայն նոր դրութիւնով պիտի խրախուսուի՝ որպէսզի աշակերտը յաճախէ իր բնակարանի ամենամերձաւոր լիսէն։ Աշակերտները դպրոց ընտրելու համար պիտի ունենան հինգ այլընտրանք։ Լիսէները աշակերտ պիտի ընդունին՝ միջնակարգի յաջողութեան նիշերու հիման վրայ։ Անոնք, որոնք խոր աւանդոյթներով կրթական հաստատութիւններէն մին յաճախել պիտի փափաքին՝ պիտի մասնակցին կեդրոնական դրութեամբ կազմակերպուելիք քննութեան մը։ Մասնաւոր վարժարանները պիտի կարենան ցանկութեան պարագային կազմակերպել իրենց ներքին քննութիւնը։

Թէեւ տակաւին վաղահաս է վերջնական կանխատեսումներ կատարելու կամ տպաւորութիւններ կազմելու համար, սակայն մեր կրթական շրջանակներու առաջին տպաւորութիւններով՝ նոր դրութիւնը մեծ դժուարութիւններ կամ բարդութիւններ չ՚ենթադրեր թրքահայ համայնքային վարժարաններուն տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017