ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ կ՚այցելէ Պէյրութ, երէկ առաւօտ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեւեց աւելի քան ժամ մը։ Զրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Պերճ Սեդրակեան արծարծեցին Հայաստանի ներքին քաղաքական կացութեան, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018