ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՄԵՑ ԴԱՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հանրային նախաձեռնութիւն խմբակը երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ իրաւական գործընթացի մը ձեռնարկած է՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքներուն դէմ։ Ըստ երեւոյթին, Հանրային նախաձեռնութիւնը դիմած ըլլալ կը թուի դատական իշխանութիւններու՝ օգտուելով անհատներու վիճակած իրաւունքներէն։

Հանրային նախաձեռնութիւնը 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան դէմ ընկերային ցանցերու միջոցաւ ահազանգ կը հնչեցնէ շաբաթներէ ի վեր։ Այս նախաձեռնութիւնը անընդունելի համարած է կանոնադրութեան մէջ՝ արտասահմանի թեկնածուներու պարագային դրուած սահմանափակումը։ Երկար ժամանակ Միտք հարթակին կողմէ յառաջ տարուած մօտեցումները որդեգրած է Հանրային նախաձեռնութիւնը, որ երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ յանուն ապագայ սերունդներուն կատարած է այդ դիմումը։

Հանրային նախաձեռնութիւնը շեշտած է, որ ապարդիւն մնացած են տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ Նախաձեռնարկ մարմնին հասցէագրուած կոչերը։ Անոնք շարունակած են մտածել ներկան փրկելու մասին՝ վտանգելով ապագան։ Հանրային նախաձեռնութիւնը կը պնդէ, որ թէեւ վերոյիշեալներէն իւրաքանչիւրը ընդունած է, որ կանոնադրութիւնը խնդրայարոյց է, սակայն պարտուած է աշխարհիկ տկարութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019