ՎԱԼԱՆՍԻ ԴՊՐՈՑԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսահայ համայնքէն ներս վերջին շրջանին ծնունդ առած դպրոցաշինութեան շարժումը կը շարունակուի կայուն թափով։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Վալանսի մէջ ձեռնարկուած ծրագիրը։ Ֆրանսահայութեան տեսակէտէ խորհրդանշական քաղաք մըն է Վալանս, ուր լուրջ հայկական ներկայութիւն գոյութիւն ունի թէ՛ մարդուժի եւ թէ կառոյցներու տեսակէտէ։ Այս տեսանկիւնէն ուշագրաւ կը համարուի նաեւ այդ քաղաքէն ներս սկսած հայկական վարժարանի կառուցման ծրագիրը։

«Նոր Յառաջ» ի հաղորդումներով, բարերար Գէորգ Արապեան, որու իշխանական նուիրատուութեամբ ճամբայ ելած էր Վալանսի Ֆրանեւհայկական ամէնօրեայ դպրոցի ծրագիրը, 50 հազար եւրոյի նոր նուէր մը կատարած է։

Այսպէսով, Գէորգ Արապեան ընդհանուր առմամբ՝ 800 հազար եւրօ նուիրած կ՚ըլլայ դպրոցին, որ պիտի կրէ իր անունը եւ որու բացումը նախատեսուած է 2020 սեպտեմբերի վերամուտին։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019