ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Վաղը Վիեննայի մէջ պիտի սկսի ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Սա այս կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստն է։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Ժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են Նալպանտեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները՝ կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանի Վիեննայի շփումները կը սկսին այսօր։ Վաղուան հաւաքին ընդառաջ ան այսօր կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Նոյնպէս այսօր, Վիեննայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Ծանօթ է, որ միջնորդները որոշ ժամանակէ մը ի վեր աշխատանք կը տանէին կազմակերպելու համար այս տեսակցութիւնը։ Նախարարներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ի շարունակութիւն Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Էլմար Մամետեարովի միջեւ մօտաւոր անցեալին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտին, Եդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւրոպական երկիրներու կամ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն խորհրդակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017