ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏԵՒԵՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան ռազմափորձեր։ Այս զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան եւ հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն դէմքեր։

Սերժ Սարգսեան այս առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ։ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութեան ծիրէն ներս, Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան այցելեցին Արցախի պաշտպանութեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնը, ուր տեղի ունեցաւ տարեվերջի աւանդական խորհրդակցութիւնը։ Բարձրաստիճան հրամանատարներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան բանակաշինութեան վերաբերեալ հարցեր։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները լսեցին նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի զեկոյցը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին զօրավարժութիւնները տեղի ունեցան Արցախի հարաւ-արեւելեան հատուածէն ներս։ Պաշտպանութեան բանակի համահաւաք զօրախումբին կողմէ իրականացուեցան ռազմափորձերը։ Զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան հակիրճ ելոյթ մը ունենալով ըսաւ. «Ամուր պատշպանութեան համար անհրաժեշտ է ջանք, եռանդ, քրտնաջան աշխատանք, որոնք ի վերջոյ կ՚ապահովեն իւրաքանչիւրիս բարձր արհեստավարժութիւնը։ Ժամանակակից զինեալ ուժեր ունենալ չի նշանակեր միայն արդիական սպառազինութիւն, այլեւ կը նշանակէ ընդունակութիւն, ինչ որ թոյլ կու տայ այդ սպառազինութիւնը կիրառել ժամանակին եւ ամբողջ հզօրութեամբ։ Շնորհակալ եմ ձեզի։ Այսօրուան զօրավարժութիւնները ապացուցանեցին ձեր ընդունակութիւնը։ Հաւատացէք, որ դուք այսպէսով կը պատասխանէք բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին մեր հայրենիքը մեզմէ խլել, որոնք կը փորձեն ինքզինքնին հզօր ցոյց տալ ու մեզմէ բան մը պոկել։ Ժողովուրդները կը կարողանան իրենց հայրենիքը պաշտպանել, եթէ անոնց մէջ կը գերակշռէ ձեր տեսակը։ Մենք կը կարողանանք պաշտպանել թէ՛ մեր սահմանը եւ թէ մեր հայրենիքը։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ծնողներուն, ձեր ուսուցիչներուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են ձեր կայացման գործին մէջ»։ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ զին-ւորներուն մաղթեց բարի ծառայութիւն եւ հպարտ կեցուածք։

Բաց աստի, Արցախ այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ներկայացուեցան հայկական արտադրութեան նոր զինուորական սարքաւորումներու հնարաւորութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017