«ԿԻՒՄՐԻ, ԻՄ ՍԷՐ»

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու յայտնի նկարիչ Լեւոն Լաճիկեանը։ Ան այս անգամ եւս մեզի ներկայացաւ Հայաստանէն հետաքրքրական ստեղծագործական աշխատանքով մը։ Լեւոն Լաճիկեան, որ կը ստեղծագործէ իսկապէս ինքնատիպ եւ որակեալ գծանկարներ, Կիւմրի քաղաքին վերաբերեալ հետաքրքրական շարք մը նկարահանած է։ «Կիւմրի, իմ սէր» խորագրեալ այս բացիկներու շարքը կը ցոլացնէ Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքի գրեթէ ամբողջ տեսարժան վայրերը, բնական գեղեցկութիւնը եւ պատմամշակութային ժառանգութիւնը։ Լեւոն Լաճիկեանի այս բացիկներու շարքը լոյս տեսած է 1988 թուականի Հայաստանի մեծ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին ընդառաջ։ Այդ երկրաշարժը սաստիկ աւեր մը գործած էր Հայաստանի ամբողջ հիւսիսային հատուածէն ներս՝ մասնաւորապէս ցնցելով Կիւմրի եւ Սպիտակ քաղաքները, ուր մինչեւ այսօր կեանքը հարիւր տոկոսով չէ վերադարձած իր բնականոն հունը։

Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարները իրենց պարզութեան մէջ հերթական անգամ կու գան ապացուցանել Կիւմրիի գեղեցկութիւնը եւ գեղարուեստասէրները հաղորդ կը դարձնեն պատմական ու գեղեցիկ քաղաքի խորհուրդին։ Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարներուն մէջ շատ տպաւորիչ ձեւով միահիւսուած են Կիւմրիի սրբավայրերը, կոթողային շէնքերը եւ բնական գեղեցկութիւնները, որոնք կը կազմեն ամբողջ մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018