ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԾԱԾԿԱԳՐԵՐ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Մոսկուայի երէկուան հանդիպման ընթացքին արժեւորեցին Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները։ Ընդհանրապէս, երէկ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած Կասպից ծովու ափամերձ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը առիթ դարձաւ նաեւ տարածաշրջանային քննարկումներու։ Ժողովականներու շարքին էր նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան։ Այս երեքը իրարու հետ ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ։ Բոլոր շփումները դուռ բացին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի քննարկման։

Լաւրով եւ Պայրամով քննարկեցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ «Տարածաշրջանային հարցերու քննարկման համատեսքին մէջ հաստատուեցաւ 2020-2022 թուականներու ամենաբարձր մակարդակով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու աւելացման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդագրութեան մէջ։ Լաւրով եւ Պայրամով կանգ առին նաեւ Ռուսաստան-Ատրպէյճան դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերեալ 2022 թուականի հռչակագրի դրոյթներու կատարման հարցերուն վրայ։ Իր կարգին, Պայրամովն ալ Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ համաձայնութեան գալու համար պայմանները ստեղծուած են։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու աշխուժացման ի նպաստ, ինչ որ կարգաւորման ուղղութիւններէն մին կը համարուի։

Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Լաւրովն ու Ապտուլլահիանն ալ քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը տարածաշրջանային խնդիրներ։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ՝ կոչ ուղղելով ձգտիլ Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան։ Բանբերը այս յայտարարութիւնը ըրաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայընի Պաքու այցելութեան առթիւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023