ԿԵՆՍԱԲԵՐ ԱՒԵՏԻՍ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Հայոց Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները տօնական կենսաբեր աւետիսով զիրար ողջունեցին եւ ողջագուրուեցան ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։ Օրուան տօնին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մեծահանդէս Ս. Պատարագ մատոյց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր համայն հայութեան փոխանցեց իր պատգամը։ Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր. ինչպէս՝ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան եւ այլք։ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն առընթեր, տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներ, զանազան կրթական, գիտական կամ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, սփիւռքէն հիւրեր, Հայաստանի զանազան մարզերէն Երեւան մեկնած ուխտաւորներ եւ բազում հաւատացեալներ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէ կազմուած ծանրաշուք թափօրը եկեղեցւոյ զանգերու զուարթ ղօղանջին ներքեւ խորան առաջնորդեց Նորին Սրբութիւնը, որ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Իսկապէս շատ խորհրդաւոր արարողութիւն մըն էր, որու ընթացքին այնքան տպաւորիչ ձեւով հնչեցին Հայ Եկեղեցւոյ շարականներն ու սրբազան երգեցողութիւնը։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք։ Վեհափառ Հայրապետը խաչով ու Սրբալոյս միւռոնով օրհնեց՝ եկեղեցւոյ խորանին վրայ զետեղուած մեծ կաթսաներն ու ջուրերը։ Խաչի այս տարուան կնքահայրն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն, իտալահայ ազգային գործիչ Սարօ Խուտավերտեան։

Ջրօրհնէքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց պետական աւագանիի ներկայացուցիչները եւ տօնական աւետիսով կրկին ողջունեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Դարձեալ կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը, որով Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցիէն դուրս առաջնորդուեցաւ՝ միշտ շրջապատուելով հաւատացեալներուն կողմէ, որոնք կը հայցէին իր օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020