«ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ…»ՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց քարոզներու ժողովածոյի մը, որ ընթերցողին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հարուստ գիտելիք ստանալու քրիստոնէական հաւատի մասին։ «Որոնումներ…» խորագրեալ այս գիրքի հեղինակն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։

Այս ժողովածոյին մէջ տեղ գտած են 1998-2012 թուականներուն հեղինակ սրբազանի հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին գրուած քարոզները՝ ազգային-եկեղեցական տօներու եւ այլ իրադարձութիւններու առթիւ։ Գիրքին մէջ ընդգրկուած քարոզները աչքի կը զարնեն խօսքի մատչելիութեամբ, ինչ որ այս ժողովածոն կը դարձնէ աւելի հասանելի եւ օգտակար ո՛չ միայն հոգեւորականներու, այլ նաեւ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու եւ հասարակութեան լայն շրջանակի համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020