ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մարմնամարզի երիտասարդական հաւաքականը այս օրերուն կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Խումբը արդէն քաղաքս եկած է եւ շաբաթավերջին պիտի մասնակցի Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութեան։ Երիտասարդները այս կիրակի պիտի մասնակցին այս կարեւոր մրցաշարքին։ Իսկ շաբաթ մը վերջ արդէն մարմնամարզի բուն հաւաքականը պիտի մասնակցի Պալքաններու առաջնութեան։ Բոլոր մրցումները նախատեսուած են Աթագիւղի Ողիմպիական աւանէն ներս։

Նոյն առթիւ, յառաջիկայ օրերուն քաղաքս պիտի ժամանէ նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020