ՈՉ ԵՒՍ Է ՔԸՐՔ ՏԱԿԼԸՍ

Շարժանկարի աշխարհը կը սգայ մեծ դերասանի մը մահը. ոչ եւս է Քըրք Տակլըս։ Աշխարհահռչակ արուեստագէտը 103 տարեկան հասակին հրաժեշտ առաւ կեանքէն։ 1950-ական թուականներէն սկսեալ Քըրք Տակլըս կարեւոր դերեր ստանձնած էր անմոռանալի ժապաւէններու մէջ։ Շուրջ եօթ տասնամեակ տեւած էր իր գեղարուեստական կեանքը, որու տեւողութեան  90-է աւելի ժապաւէնի մէջ վարպետօրէն հանդէս եկած էր զանազան դերերով։ Երեք անգամ Օսքարի մրցանակի թեկնածու ցոյց տրուելէ վերջ, 1996 թուականին արժանացած էր ցկեանս պատուոյ մրցանակին։

Քըրք Տակլըսի մահը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հաղորդուեցաւ իր նոյնպէս դերասան որդւոյն՝ Մայքըլ Տակլըսի կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020