«ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԻՐԱՆ ՀԱՄԱՄԻՏ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ»

Հարաւային Կովկասի իրադրութեան պայմաններով Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ համագործակցութիւնը թափով կը շարունակուի՝ ընդգրկելով նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառը։ Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Իրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ոլորտի բարձր պատասխանատուներուն կողմէ։ Սուրէն Պապիկեան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Ղարայի Աշտիանիի եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախարար զօրավար Մուհամմէտ Պաղերիի հետ։ Կողմերու ռազմական համագործակցութեան առընթեր, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Իրան երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ընդգծէ իր զգայնութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կողմերու միջեւ ռազմական համագործակցութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը վերագրուի։

Երէկուան շփումներուն ընթացքին Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ կապերուն։ Աշտիանի Պապիկեանի նկատառման յանձնած է, որ տարածաշրջանէն դուրս անվտանգութեան որոնումները հակառակ արդիւնք կ՚ունենան։

Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Փարիզ եւ Թեհրան համամիտ են Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան առումով։ Դեսպան տը Քոթինյի հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Ատրպէյճան վստահ կրնայ ըլլալ, որ Ֆրանսա միայն պաշտպանական բնոյթով զէնքեր կը մատակարարէ Հայաստանին։ Տը Քոթինյի աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս երկարաժամկէտ համագործակցութիւն մը կը կառուցուի։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024