ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱՃԱՇ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ երէկ առաւօտ Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մասնաւորապէս Շիշլիի բնակիչներուն ուղղեալ հեռարձակումներու կամ հրատարակութիւններու հետամուտ լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ մէկտեղուեցաւ քաղաքապետի թեկնածուն։ Այս նախաճաշին հրաւիրուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը։ Թերթիս անունով ներկայ գտնուեցան գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ մեր լրահաւաքի պատասխանատու Մկրտիչ Արծիւեան։

Կէօքհան Եիւքսէլ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց մամլոյ սպասաւորներուն հետ, որոնց նկատառման յանձնեց իր ծրագիրները։ Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ մշակուած նախագիծերուն շուրջ, որոնք յառաջիկայ շրջանին Շիշլիի առկայ խնդիրներուն տեսակէտէ իսկապէս լուծման հորիզոններ կ՚ուրուագծեն։ Կէօքհան Եիւքսէլ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց նաեւ Շիշլիի շրջանէն ներս համակեցութեան աւանդութիւններուն նկատմամբ տածած զգայնութիւնները եւ վերագրած կարեւորութիւնը։ Ան շեշտեց, որ ինքն ալ ծնած եւ միշտ բնակած է Շիշլիի սահմաններէն ներս։ Վերջին տարիներուն մաս կազմած է Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդին եւ իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները յառաջ տարած է հետեւողականօրէն ու նախանձախնդրութեամբ։ Կէօքհան Եիւքսէլ մինչեւ այս նախընտրական շրջանը արդէն ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարն էր։

Նախաճաշի սեղանին շուրջ, իր զեկուցումը աւարտելէ վերջ, Կէօքհան Եիւքսէլ պատասխանեց նաեւ լրագրողներու հարցումներուն եւ յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին Շիշլիի բնակիչներու զօրակցութեամբ հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծառայութիւն մատուցելու այս եզակի գաւառակին, որ մէկ կողմէ պատմական է, իսկ միւս կողմէ քաղաքի սրտին վրայ միշտ աշխուժութեան առանցք մը կը հանդիսանայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024