ՃՀՓ-Ի ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆԹՐԻՔ

ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ ընթրիքի սեղանին շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։ Ընդհանրապէս, երեկոյթին մասնակցեցան հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներէ ներկայացուցիչներ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնն ալ հրաւէր ստացած էր այս ձեռնարկին համար։ Թերթիս անունով ներկայ գտնուեցան գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ մեր լրահաւաքի պատասխանատու Մկրտիչ Արծիւեան։ Ռեսուլ Էմրահ Շահանի կողքին էին՝ ՃՀՓ-ի Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Թամէր Էօզճանլը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ Կազէր, որ ՃՀՓ-ի ցուցակին վրայ Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ դառնալու համար թեկնածու առաջադրուած է։ Թալին Էրկիւնէշ Կազէր ցուցակի 9-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ եւ շատ բարձր հաւանականութիւն ունի յառաջիկայ շրջանին պաշտօն ստանձնելու։

Երէկուան ընթրիքի սկիզբին Թամէր Էօզճանլը եւ Թալին Էրկիւնէշ Կազէր ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին։ Աւելի վերջ Ռեսուլ Էմրահ Շահան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին կարեւորեց Շիշլիի շրջանին բնորոշ համակեցութեան նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը։ Ան խօսեցաւ իր զանազան ծրագիրներուն մասին, որոնք ներկայացուց՝ մանաւանդ վերջին տարիներուն Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան զանազան միաւորումներէն ներս վարած պատասխանատու բարձր պաշտօններու փորձառութեան լոյսին տակ։

Ելոյթէն վերջ Ռեսուլ Էմրահ Շահան մի առ մի շրջեցաւ սեղանները եւ ընթրիքի մասնակիցներուն հետ խումբ առ խումբ ունեցաւ անմիջական զրոյցներ՝ պատասխանելով բոլորի հարցումներուն եւ փորձելով համոզիչ հիմնաւորումներ տալ իր խոստումներուն համար։ Այս փուլին ալ միշտ իր հետ էր Թալին Էրկիւնէշ Կազէր, որ կը համակարգէ փոքրամասնական շրջանակներու հետ կապերը։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024