ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կա­հայ ա­կա­դե­մա­կան Տքթ. Վահ­րամ Շեմ­մա­սեա­նը։ Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նորթ­րիճ նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից եւ դա­սա­կան լե­զու­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղի հայ­կա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ծրագ­րի ղե­կա­վարն է Վահ­րամ Շեմ­մա­սեան, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ այ­սօր մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի մը կը մաս­նակ­ցի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։

Վահ­րամ Շեմ­մա­սեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զա­նա­զան հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուող աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նէն ներս իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած ծրագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեանն ալ Վահ­րամ Շեմ­մա­սեա­նի նկա­տառ­ման յանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գին, հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու դա­սա­ւանդ­ման եւ ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ տեղեկութիւններ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015