ԷՕՐՆԷՔԵԱՆԷՆ ՄԵԾ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան կը զօրակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն է, որոշած է 250 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել երկրի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութեան ի նպաստ։ Այս նուիրատուութեան մասին տեղեկացուց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի հանրային կապերու պատասխանատու Սաթենիկ Յովհաննիսեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020