ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստանին մատակարարուած բնական կազի վերաբերեալ հարցեր։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի իշխանութիւնները վերջերս նամակով մը դիմած էին ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան, որպէսզի Հայաստանին մատակարարուած բնական կազի սակագինը ենթարկուի վերատեսութեան։ Բաց աստի, հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները տեղեկութիւններ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Նշուեցաւ, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ռուսաստանի մէջ իրավիճակը այս առումով լիովին վերահսկելի է։ Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանէն Ռուսաստան բեռնափոխադրումներու անխափան իրականացումը ապահովելու ուղղեալ քայլերուն եւ «Ռոսփոթրէպնատզոր»ի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։

Կողմերը պաշտպանեցին տեսակապի միջոցաւ Եւրոասիոյ բարձրագոյն խորհուրդի նիստ իրականացնելու գաղափարը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներէ ներս մշտական շփումներու իրականացումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020