Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ. «ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՋԸ ՄԵՐ ՎՐԱՅ ԿԸ ԶԳԱՆՔ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ»

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։ Իր խօսքերով, համախմբումով, ներդաշնակ աշխատանքով յառաջ պիտի տարուին պատրիարքական ընտրութեան պատրաստութիւնները եւ ամէն ինչ պիտի կազմակերպը-ւի խաղաղութեամբ։ «Այդ բոլորը պիտի ըլլան օրհնութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որու աջը մեր վրայ կը զգանք այս օրերուն», ըսաւ տեղապահ սրբազանը։

Վեհափառ Հայրապետն ալ յորդորեց աննուազ եռանդով ձեռնամուխ ըլլալ ընտրութեան գործընթացին։

Հարկ է նշել, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր Աթոռէն կանուխ հրաժեշտ պիտի առնէ՝ մեկնելու համար Քէօլն, առանց սպասելու ԵՆԺ-ի աւարտին։

Սուրբ Էջմիածնի ժողովներուն ժամանակ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը ներկայացնեն՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ Տիգրան Ալթուն եւ Թորոս Աբիկ։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017