ԱՆԿԵՂԾ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը տեղի ունեցաւ Ֆէնէրի յունաց լիսէի համալիրէն ներս։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են այս ձեւաչափով իֆթարի սեղանները։ Այս տարուան պատուոյ հիւրն էր փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլու։ Հրաւիրեալներու շարքին էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, բարձրաստիճան դիւանակալներ, պետական պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, փոքրամասնութիւններու զանազան հաստատութիւններու վարչայիններ եւ հիւրեր։

Այս տարի յոյն համայնքին հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքին կողմէ բազմաթիւ գործիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որուն ընկերացաւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Թալին Էրկիւնէշ Կազէրի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլու, Մորիս Լեւի, ինչպէս նաեւ յանուն յունական վաքըֆներուն՝ Անտոն Փարիզիանոս։

Անկեղծ համախմբումի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու մասնակիցները զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ հիւրերուն բարեմաղթութիւններ յղեցին Ռամազանի ու մօտալուտ տօնին շարժառիթով։

  

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018