ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՌԵՒԵՓ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան ազդեցութիւնով ներքին քաղաքական եռեւեփ մը ստեղծուած է նաեւ Արցախի մէջ։ Այս մթնոլորտին մէջ վերջին շրջաններուն տեղի ունեցան զանազան բողոքի ցոյցեր եւ երթեր։ Արցախի կայունութեան տեսակէտէ մտահոգիչ այս իրադարձութիւնները գրեթէ բոլոր հարթութիւններուն վրայ տեղի տուին անհանգստութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն յորդորեց Արցախի մէջ վերջ տալ այդ բոլոր շարժումներուն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ նոյն հարցին կապակցութեամբ վերջին օրերուն հրապարակեց յորդոր-ուղերձ մը։

Այս իրավիճակին մէջ, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան շարք մը փոփոխութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կարեւորագոյն փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Արցախի Պետական նախարար (վարչապետ) Արա Յարութիւնեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Այս իրավիճակին մէջ, նախագահ Բակօ Սահակեան պետական նախարար նշանակեց Կրիկորի Մարտիրոսեանը։ Արա Յարութիւնեան իր հրաժարականին պատճառաբանութիւնը ներկայացնելով՝ յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդին մօտ ձեւաւորուած է փոփոխութիւններու պահանջ։

Միւս կողմէ, Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արշաւիր Ղարամեանն ալ երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը։

Հայաստանի Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ Արցախի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ ըսաւ. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, մեղմ խօսքով, անթոյլատրելի է Ղարաբաղի մէջ»։

Հայաստանէն կարգ մը հեղինակաւոր մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ պէտք է գտնել կանգ առնելու կէտը։ Արդարեւ, այդ ժամկէտի պարագան կարեւոր է, այլապէս կրնայ ստեղծուիլ շղթայական հակազդեցութեան եւ անիշխանական մթնոլորտ։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան վերջին օրերուն կառավարութեան անդամներու եւ պետական այլ մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ քննարկած էր երկրէն ներս ստեղ-ծըւած իրավիճակը։ Ան հանդէս եկած էր նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը։ Սահակեան ընդգծած էր, որ կ՚ապաւինի ժողովուրդի իմաստութեան, բարդ իրավիճակներու մէջ արագ կողմնորոշուելու, սթափութիւն, բազմակողմանի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու եւ ճիշդ որոշումներ ընդունելու, կարեւոր հարցերու հանդէպ հոգատար վերաբերմունք դրսեւորելու անոր ընդունակութեամբ։ Ան շեշտեց, որ բացառիկ արժէնքներ են ներքին կայունութիւնը, միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018