ԿԱՐԵՒՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այս առաւօտ գումարեց արտահերթ նիստ մը։ Խորհրդարանի նախագահ Արա Պապլոյեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ այս ժողովը, որ կարեւոր քննարկումներու թատերաբեմը կը հանդիսանայ։ Խորհրդարանի արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուի կառավարութեան ծրագիրը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտահերթ նիստի ընթացքին խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններուն ներկայացուց իր գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրը։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս գործարար միջավայրը իսկապէս ազատ է։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018