ՖԻԼԻՓ ՌԻՔԷՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածքաշրջանային այս այցելութեան ծիրէն ներս ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շփումներ կ՚ունենայ Թիֆլիզի, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ֆիլիփ Ռիքերի ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յունիսի 13-ը։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ուղեւորութիւնը երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային առաջնահերթութիւններու խթանման եւ ժողովրդավարական ու տնտեսական զարգացման հարցերու մէջ ամերիկեան աջակցութիւնը արտայայտելու նպատակով կազմակերպուած է։ 

Վրաստանի մէջ Ֆիլիփ Ռիքէր կը տեսակցի իշխանութիւններու, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութենէ առաջնորդներու հետ։ Այդ երկրէն ներս 19 ապրիլին միջկուսակցական համաձայնագիր մը ստորագրուած էր եւ Ռիքէրի շփումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան այդ փաստաթուղթի լիարժէք գործադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ֆիլիփ Ռիքէր կանգ կ՚առնէ նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Վրաստանի դէմ շարունակուող բռնութեան եւ բռնագրաւման վրայ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը կը տեսակցի կառավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ գործարար դաշտի առաջնորդներու հետ։ Կը քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021