ԱՖԷԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ԿՈՉՈՒՄ

Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար, բարերար, քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան այս շրջանին յաճախ բարձր գնահատանքի առարկայ կը դառնայ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ գիտական հաստատութիւններու կողմէ կ՚արժանանայ կոչումներու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Պետական համալսարանն ալ որոշած է պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհել Նուպար Աֆէեանին։ Համալսարանէն ներս Նուպար Աֆէեանի համար նախատեսուած է մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին իրեն պիտի շնորհնուի այդ կոչումը, համապատասխան վկայականով։

Նուպար Աֆէեան ցարդ մասնակցած է կենսաբանական ուղղուածութեամբ գիտական կամ թեքնոլոժիք աւելի քան 20 հաստատութեան հիմնադրման կամ կայացման։ Ան հանդէս եկած է նաեւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններով, որոնց շնորհիւ արժանացած է նաեւ պետական պարգեւներու կամ մրցանակներու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022