ՄԱՀ՝ ԻԼԹԷՐ ԹԻՒՐՔՄԷՆԻ

Թրքական դիւանագիտութեան երիցագոյն տիրական դէմքերէն Իլթէր Թիւրքմէն երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 95 տարեկան հասակին։ Շուրջ չորս տասնամեակ Թուրքիան միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրաբար ներկայացուցած հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն էր Իլթէր Թիւրքմէն, որու յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ։ Արհեստավարժ դիւանագէտի պաշտօնը դադրեցնելէ վերջ ան միջոց մը զբաղած էր նաեւ հրապարակագրութեամբ՝ մեկնաբանելով արտաքին քաղաքական օրակարգը։

Իլթէր Թիւրքմէն նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն մին էր՝ մանաւանդ, որ այդ պաշտօնը շատ բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ կատարած էր։ 12 սեպտեմբեր 1980 թուականի զինուորական միջամտութեան յաջորդած աւելի քան երեք տարիներուն գլխաւորած էր թրքական դիւանագիտութիւնը։ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն ներս եղած էր Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս եղած էր Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը, եղած էր Փարիզի, Մուսկուայի եւ Աթէնքի մօտ Թուրքիոյ դեսպան, այլ բազում մայրաքաղաքներու մէջ կամ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս ներկայացուցած էր երկիրը, նախարարութեան կեդրոնական համակարգէն ներս զբաղեցուցած պատասխանատու պաշտօններուն առընթեր։ Եղած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու։

Իլթէր Թիւրքմէն 1927 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Կալաթասարայ լիսէի սաներէն էր։ Աւարտած էր Քաղաքագիտութեան բարձրագոյն վարժարանը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022