ՊԵՏԻԿԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ցաւով տեղեկացանք, որ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ենթարկուած է գործողութեան մը։ Պետիկեանի հիւթեղ գրիչին արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ զանազան հարթակներու վրայ, սփիւռքեան լսարանի ամենահամակրելի անուններէն մին է ան։ Սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթեր կը հրատարակեն իր գրութիւնները, ան նաեւ յօդուածներ կ՚ուղարկէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։

Միջոցէ մը ի վեր Գէորգ Պետիկեանի արտադրանքը ակամայ դադրած էր։ Երէկ իրմէ ստացանք երկտող մը, որով ուրախութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Գէորգ Պետիկեանի դարմանման գործընթացը դրական հունի մէջ կ՚ընթանայ։ Ան շուրջ վեց ժամուան վիրահատութեան մը ենթարկուած է հաստ աղիքէն՝ ուռուցքաբանական խնդիրներու հետեւանքով։ Այժմ, յետվիրահատական շրջանին ան մասնաւոր խնամքի ենթարկուած է՝ քաղցկեղի դէմ պայքարելու համար։

Նկատի ունենալով, որ Գէորգ Պետիկեանի առողջական խնդիրը իր ընթերցողներուն մօտ եւ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էր՝ այժմ բոլորը կ՚ողջունեն իր վիճակին վերաբերեալ հասած դրական լուրերը եւ իրենց աղօթքներէն անպակաս կ՚ընեն Պետիկեանի համար կատարեալ առողջութեան մաղթանքը։

Այս առթիւ մենք եւս արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք սիրելի Գէորգ Պետիկեանին, որպէսզի հնարաւոր առաջին առիթով մեր ընթերցողները վերագտնեն զինքը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022